Աղբիւր՝ www.yerakouyn.com

 

Համազգայինի հայ կրթական մշակութային միութիւնը եւ Երեւանի պետական համալսարանը կազմակերպած են գիտաժողով՝ նուիրուած արդի հայերէնի հիմնախնդիրներուն, որ տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 18-ին եւ 19-ին Երեւանի մէջ:

Գիտաժողովը նպատակ ունի համակողմանիօրէն ուսումնասիրելու եւ արդիական չափանիշներով արժեւորելու հայերնէնի լեզուական վիճակը, անդրադառնալու պետական լեզուական քաղաքականութեան, հայոց լեզուի տարածման եւ կանոնարկման, ինչպէս նաեւ լեզուի գործարութեան, պահպանման եւ զանգացման խնդիրներուն:

Գիտաժողովը կը հրաւիրէ գիտնականներ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն: Զեկուցումներու յայտերը կ՛ընդունուին մինչեւ Նոյեմբեր 10-ը: Յայտերը ներկայացնել Համազգայինի գրասենեակ եւ ԵՊՀ բանասիրական Ֆակուլտետ: